Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն Պիտի Մասնակցի 3 Քաղաքական Ուժ

Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցելու յայտ ներկայացուցած է երեք քաղաքական ուժ՝ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, «Ելք» դաշինքը եւ «Երկիր ծիրանի» կուսակցութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան համամասնական ցուցակը պիտի գլխաւորէ Երեւանի գործող քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, «Ելք» դաշինքի ցուցակը` «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան անդամ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեան, իսկ «Երկիր ծիրանի» կուսակցութեան ցուցակը` Զարուհի Փոստանջեան:

Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 2017-ի Մայիս 14-ին: Նախընտրական քարոզարշաւը պիտի սկսի Ապրիլ 21-ին եւ պիտի աւարտի Մայիս 12-ին: Ընտրութիւններուն մասնակցելու յայտ ներկայացուցած քաղաքական ուժերու համամասնական ցուցակներու արձանագրութեան գործընթացը Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը պիտի իրականացնէ 2017-ի Ապրիլ 9-14:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին