Ուրբաթ, 30. 01. 2026

spot_img

Նախագահ Սարգսեան Ցաւակցութիւն Յայտնած Է Եգիպտոսի Նախագահին

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ապրիլ 9-ին ցաւակցական հեռագիր յղած է Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի` Եգիպտոսի տարբեր շրջաններու մէջ գտնուող ղպտիներու Ս. Գէորգ եւ Ս. Մարկոս եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական պայթումներուն առիթով, որոնք պատճառ դարձան տասնեակ անմեղներու մահուան: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ Նախագահի գրասենակի մամուլի վարչութիւնը։

«Հայաստան խստօրէն կը դատապարտէ այդ անմարդկային արարքները եւ իր զօրակցութիւնը կը վերահաստատէ բարեկամ Եգիպտոսին` ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարին մէջ: Եգիպտոսի համար այս դժուար պահուն իմ անկեղծ ցաւակցութիւնս կը յայտնեմ ձեզի, Եգիպտոսի բարեկամ ժողովուրդին եւ զոհուածներու ընտանիքներուն` մաղթելով ուժ եւ տոկունութիւն, իսկ վիրաւորներուն` շուտափոյթ ապաքինում», գրուած է նախագահին ցաւակցագիրին մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին