Ուրբաթ, 30. 01. 2026

spot_img

Իրանի եւ Հայաստանի Յարաբերութիւնները Բարելաւուած Են․Հասան Ռոհանի

Իրան երբե՛ք միջուկային համաձայնութիւնը չի խախտեր: Իրանական «Մեհր» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ` երէկ լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի:

Panorama.am-ի փոխանցմամբ` իրանի նախագահը, անդրադառնալով օրերս Միացեալ Նահանգներու կողմէ Սուրիոյ մէջ ռազմակայանի հրթիռակոծման, մասնաւորապէս ըսած է. «Ամերիկացիները երբեք չեն գործած միջազգային օրէնքներու ծիրէն ներս, նոյնիսկ այն պարագային, երբ մեր նկատմամբ պատժամիջոցներ կը կիրառուէին: ԱՄՆ-ն ինքզինք հռչակած է աշխարհի առաջնորդ: Սուրիոյ մէջ գործած հրթիռակոծութիւնը սխալ էր, եւ անիկա կը բխէր ահաբեկիչներու շահերէն: Նման քայլերու կրկնութիւնը տարածաշրջանի համար չափազանց վտանգաւոր է»:

Անդրադառնալով միջուկային համաձայնութեան, Իրանի նախագահը յայտարարած է, որ Իրան երբե՛ք միջուկային համաձայնութիւնը չի խախտեր, անիկա միջազգային համագործակցութեան համար բարենպաստ պայմաններ կ՛ապահովէ:

Անդրադառնալով հարեւաններու հետ յարաբերութիւններուն` Հասան Ռոհանի աւելցուցած է. «Մեր նպատակն է բարելաւել հարեւաններու հետ մեր յարաբերութիւնները: Նկատելի է, որ մենք աւելի բարելաւած ենք մեր յարաբերութիւնները Ռուսիոյ, Հայաստանի, Թուրքմէնիստանի, Փաքիստանի, ինչպէս նաեւ Օմանի հետ»:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին