Արցախ այցելած Սերժ Թանգեան Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ մէջ կատարած է «Տէր, Ողորմեա» շարականը:
Արցախի մէջ Թանգեան յայտարարած է, որ իր մենահամերգը Արցախի մէջ պիտի չուշանայ:
«Ես շատ կը ցանկայի, օր մըն ալ գալ Արցախ, նուագել. եւ եթէ կարենամ, ուրիշ արուեստագէտներ ալ հետս պիտի բերեմ: Հիմա ամենակարեւորը Արցախի մասին խօսիլն է եւ զայն ներկայացնելը տարբեր վայրերու եւ մարդոց: Պէտք է բոլորը իմանան, որ Արցախը շատ գեղեցիկ երկիր է եւ այստեղի ժողովուրդը բոլորին կը սպասէ ժպիտներով եւ մեծ սիրով: Յոյսով եմ, որ իմ մենահամերգս Արցախի մէջ չ՛ուշանար»,- ընդգծած է երգիչը: