Ախալցխայի Երիտասարդական Կեդրոնին մէջ կրտսեր խումբի սաներուն հետ Ապրիլ 6-ին իրականացած է սիրոյ, գեղեցկութեան եւ մայրութեան նուիրուած ձեռնարկ՝ «Մայրս պատկերն է Մայր Հայրենիքի» խորագիրով: Այս մասին կը հաղորդէ Akhaltskha.net-ի։
Փոքրիկները իրենց թոթով լեզուով գովաբանած են մայրերը: Համեմատած են զանոնք հայրենիքին հետ: Անոնք կ’ըսէին, որ իրենց մայրերը արեւի պէս վառ են ընտանիքի մէջ:
Փոքրիկները երգած են եւ պարած, մայրերուն նուիրած են իրենց երգն ու պարը, ինչպէս նաեւ Ձեռնարկի աւարտին՝ իրենց ձեռքով նկարած գարնան աւետաբեր մանուշակը:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր կեդրոնի պարուսոյց Տ. Համբարձումեանի, երգի ուսուցիչ Հ. Մանասեանի եւ հայոց լեզուի ուսուցիչ Մ. Պետրոսեանի կողմէն:
Ձեռնարկի աւարտին կեդրոնի տնօրէն Ն. Յակոբեանը շնորհաւորած է ներկայ եւ բոլոր կիները՝ այս գեղեցիկ տօնին առիթով եւ ուզած է, որ անոնք ըլլան մայր հայրենիքին նուիրուած մայրեր: