Շաբաթ, 28. 06. 2025

spot_img

Ծաղկաձորի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Քոնեակի Փառատօն

«Զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնադրամ»-ը համագործակցութեամբ ՀՀ զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէին, Մայիս 7-ին Ծաղկաձորի մէջ պիտի կազմակերպէ «Քոնեակի փառատօն»: Այս մասին՝ ըստ «Փանորամա»-ի՝  տեղեկացուցած է «Քոնեակի փառատօն» ծրագիրի ներկայացուցիչ Արա Խզմալեան:

Փառատօնին նպատակն է հայկական քոնեակի միջազգային ճանաչման բարձրացումը, ինչպէս նաեւ աւանդական եւ նոր շուկաներու մէջ անոր հանրայնացումը:

Կը նախատեսուի, որ փառատօնին մասնակցի քոնեակագործութեամբ զբաղող 30 ընկերութիւն:

Խզմալեանի խօսքով, նման նախաձեռնութիւնները զբօսաշրջութեան խթանման նախապայման են:

Անոր խօսքով, վերջերս Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Արցախի զբօսաշրջային արդիւնքը ներկայացնող շնորհահանդէս, որուն նպատակն էր բարձրացնել Հայաստանի ճանաչելիութիւնը եւ խթանել զբօսաշրջային արդիւնքը: Միջոցառման ընթացքին ներկայացուած է հայկական խոհանոցային մշակոյթը, կազմակերպուած է ուտեստներու եւ ոգելից խմիչքներու համտես:

«Զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնադրամ»-ի նախագահ Տիգրան Կարապետեան ըսած է, որ քոնեակագործութիւնը այն ոլորտներէն է, որ իսկապէս կրնայ հետաքրքրել զբօսաշրջիկները, որոնք կու գան Հայաստան, կը ծանօթանան եւ երկրին, եւ հայկական քոնեակի աւանդոյթներուն:

«Մենք կը սպասենք մեծ թիւով զբօսաշրջիկներու` յատկապէս Ռուսիայէն, քանի որ ՌԴ քաղաքացիները իրենց ներքին անձնագիրներով կրնան գալ Հայաստան: Փառատօնի հիմնական շուկան Ռուսիան է, ընդհանուր առմամբ, կ’ակնկալուի, որ փառատօնին մասնակցի 25 հազարէն աւելի մարդ»,- ըսած է Կարապետեան:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին