Ուրբաթ, 30. 01. 2026

spot_img

Գորիսը Հռչակուած է 2018 Թուականի ԱՊՀ Մշակութային Մայրաքաղաք

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան Թաշքենթի մէջ մասնակցած եւ ելոյթ ունեցած է ԱՊՀ ԱԳ նախարարներու խորհուրդի նիստին:

Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստը սկսած է նեղ ձեւաչափով, ապա շարունակուած ընդլայնուած կազմով՝ պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ:

ԱԳՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդմամաբ` նիստի օրակարգին մէջ ընդգրկուած եղած են կազմակերպութեան գործունէութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման, արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու միջեւ խորհրդատուութիւններու իրականացման, արդի իրողութիւններուն կառոյցի արդիականացման հարցեր:

Արտաքին գործոց նախարարները յայտարարութիւն ընդունած են քրիստոնեաներու, մահմետականներու եւ այլ դաւանանքներու ներկայացուցիչներու նկատմամբ անհանդուրժողականութեան եւ խտրականութեան անթոյլատրելիութեան մասին:

ԱՊՀ անդամ երկիրներու արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները անդրադարձած են իրաւապահ, համացանցային անվտանգութեան, մշակութային, կրթական ոլորտներու մէջ համագործակցութեան սերտացման հարցերուն:

ԱԳ նախարարներու խորհուրդը որոշած է հաւանութիւն տալ Հայաստանի Գորիս քաղաքը որպէս 2018-ի ԱՊՀ մշակութային մայրաքաղաք հռչակելու մասին որոշման նախագիծին:

Նիստին մասնակիցները քննարկած են եւ հաւանութեան արժանացուցած են 16 փաստաթուղթերու նախագիծեր:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին