Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Դեսպանատան գործակցութեամբ, եւ բարձր հովանաւորութեամբ Լիբանանի Մշակոյթի նախարար Նորին Վսեմութիւն Տոքթ. Ղաթթաս Խուրիի, Չորեքշաբթի, 6 Ապրիլ 2017 –ի երեկոյեան, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Տէմիրճեան Կեդրոնէն ներս դասախօսական երեկոյ մը տեղի ունեցաւ, «Հայկական Ճարտարապետութիւնը Լիբանանի մէջ՝ Ինքնութեան Հարցը» խորհագիրով հոծ բազմութեան մը ներկայութեան:
Արդարեւ, Լիբանանէ ներս Ֆրանքոֆոնի ամսուան գործունէութեանց ծիրէն ներս կազմակերպուած սոյն երեկոն, առաւելաբար նպատակադրուած ու դասաւորուած էր հայ Ճարտարապետութիւնը՝ ծանօթացնելու համար լիբանանցի մշակութասէր հասարակութեան: Միջոցառումը գնահատելու համար եկած էին բազմաթիւ տեղացի թէ հայ ծանօթ անձնաւորութիւններ:
Հետաքրքիր ու հաճելի երեկոյի բացումը ըրաւ Հ.Բ.Ը.Միութեան Լիբանանի գործադիր տնօրէն Անիթա Լիպիար, որ նախ ողջունեց ներկաները, ապա բարի գալուստ մաղթեց անոնց ու անդրադարձաւ երեկոյեան զգեցած կարեւորութեան, ընդգծելով, թէ Հ.Բ.Ը. Միութիւնը յատուկ կարեւորութեամբ կը մօտենայ Ֆրանքոֆոն երկիրներու կողմէ նախաձեռնուած միջոցառումներուն, այս պարագային՝ Լիբանանէ ներս տեղի ունեցող ձեռնարկներուն, գործակցելով թէ՛ Լիբանանի Մշակոյթի Նախարարութեան եւ թէ Լիբանանէ ներս Հայաստանի Դեսպանութեան հետ: :
Իր խօսքի աւարտին Տիկին Լիպիար ներկայացուց օրուան բանախօսը՝ ճարտարապետ, հնագէտ եւ թանգարանապահ Պրն. Ռաֆֆի Ճերճեանը: Ռաֆֆի Ճերճեան՝ ճարտարապետութեան եւ հնութիւններու պատմութեան դասախօս, ընթացիկ հետազօտութիւններ կատարած է Կիլիկիոյ հայկական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ:
«Եթէ Հայաստանը աղբիւրն է հայ կրօնական ճարտարապետութեան ձեւաւորման, Լիբանանը երկիրն է, ուր այդ արուեստը մշակուած է կիլիկեան եւ տեղական ազդեցութիւններով, աստիճանաբար վերցնելով շրջանի ոճը», հաստատեց Ճերճեան:
Դասախօսութեան ընթացքին անդրադարձաւ 20-րդ դարու նշանաւոր հայ ճարտարապետներու մասին, որոնք կառուցած են այնպիսի կոթողներ, որոնք կը մնան եզակի՝ լիբանանեան իրականութեան մէջ, ինչպիսիք են՝ Լիբանանի Խորհրդարանը, Էլ Աապէտ ժամացոյցը, Սուրբ Պետրոսի պազիլիքը եւ Հարիսայի Ս. Պօղոս կառոյցը:
Սոյն հաճելի երեկոն աւարտեցաւ հիւրասիրութեամբ: