Ապրիլ 6-ին եւ լոյս 7-ի գիշերը արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ, հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հրադադարը խախտած է աւելի քան 25 անգամ` հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով շուրջ 400 կրակոց:
Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան փոխանցմամբ` շփման գիծի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ 60 միլիմետրնոց ականանետ (4 արկ):
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն լիակատար վերահսկողութիւն պահպանել առաջնագիծին վրայ` անհրաժեշտութեան պարագային դիմելով նաեւ պատասխան գործողութիւններու: