Իրանի հետախուզութեան նախկին հրամանատար Մանսուր Հաղիղաթփուր, «Azariha.org» լրատուական գործակալութեան յայտնած է, թէ ժամանակին, «եթէ Իրան չօգնէր Ազրպէյճանին, հայերը Պաքու պիտի հասնէին», կը հաղորդէ “Փանորամա”-ն:
Հաղիղաթփուր, որ ծառայած է Իսլամական յեղափոխութեան պաշտպաններու ջոկատներուն մէջ, յայտարարած է նաեւ, որ ղարաբաղեան պատերազմի տարիներուն ինք եղած է Ազրպէյճանի նախագահի ռազմական խորհրդականը:
«Իրան փրկեց ազրպէյճանցի ժողովուրդը. հակառակ պարագային, հայերը կրնային նոյնիսկ Պաքուն գրաւել: Այն օրերուն, մենք Պաքուի մէջ 6500 զինուոր պատրաստեցինք։ Մինչեւ օրս, Ազրպէյճան Իրանին 30 միլիոն տոլար պարտք ունի, սակայն Իրան երբեք չէ արծարծած այդ հարցը: Եթէ Իրանի փոխարէն Թուրքիան ըլլար, անիկա շատոնց արդէն պիտի պահանջէր գումարը, կամ պիտի օգտուէր՝ անկէ 10 անգամ աւելի մեծ շահ խլելով», աւելցուցած է ան։
Իր կարգին, ազրպէյճանական «Հաքքին» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ ազրպէյճանցի պատգամաւոր Սիաւուշ Նովրուզով «խարդախ» որակած է Հաղիղաթփուրը՝ պնդելով, որ «1992-1993 տարիներուն, ան հայկական հետախուզութեան տուեալներ փոխանցած է Ղարաբաղի մէջ ազրպէյճանական բանակի ստորաբաժանումներու տեղակայման մասին»: Նովրուզով պնդած է, թէ Հաղիղաթփուր՝ «հայկական հետախուզութեան գաղտնի գործակալ է»:






