Հինգշաբթի, 29. 01. 2026

spot_img

Չցանկալով Բանակցութիւններու Միջոցով Լուծել Հակամարտութիւնը` Ազրպէյճան Կը Սպառնայ Սանձազերծելով Հերթական Պատերազմ. ԼՂՀ ԱԳՆ

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Ապրիլեան պատերազմի վերաբերեալ: Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի.

Այսօր կը լրանայ ուղիղ մէկ տարին, երբ աւարտեցաւ ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան ուժային լուծման նպատակով Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած յարձակումը: 2016-ի Ապրիլ 1-ի լոյս 2-ի գիշերը, կոպտօրէն խախտելով հրադադարը, ազրպէյճանական զինուած ուժերը սահմանի ողջ երկայնքով նախաձեռնեցին լայնածաւալ յարձակում` օգտագործելով ծանր ռազմամթերք, հրետանի եւ ռազմական օդուժ: Միայն կենդանի ուժի ու ռազմամաթերքի զգալի կորուստներ կրելէ ետք Ազրպէյճան ստիպուած եղաւ 2016-ի  Ապրիլ 5-ին Ռուսիոյ միջնորդութեամբ խնդրել ռազմական գործողութիւններու դադրեցում:

Միջազգային մարդասիրական իրաւունքի բազմաթիւ խախտումներով ու ռազմական յանցագործութիւններով ուղեկցուած ազրպէյճանական յարձակումը լուրջ մարտահրաւէր դարձաւ տարածաշրջանային խաղաղութեան ու անվտանգութեան եւ մեծ վնաս հասցուց ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու միջնորդական ջանքերով ընթացող ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին:

Ռազմական գործողութիւններու աւարտէն ետք, անցեալ մէկ տարուան ընթացքին ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները ջանքեր կը գործադրէին բանակցային գործընթացի լիարժէք վերականգնման համար պայմաններ ստեղծելու ուղղութեամբ:

Արցախի Հանրապետութիւնը հետեւողականօրէն աջակցութիւն կը յայտնէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու յայտարարութիւններուն, որոնք կը վերաբերին 1994-ի Մայիս 12-ի հրադադարի մասին համաձայնագրի լիակատար պահպանման, 1995-ի Փետրուար 6-ի հրադադարի ամրապնդման մասին համաձայնագրի դրոյթներու գործնական կիրառման, ինչպէս նաեւ միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմներու ներդրման եւ ԵԱՀԿ Գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի կարողութիւններու ընդլայնման վերաբերեալ Վիեննայի մէջ (2016-ի Մայիս 16)  եւ Ս․Փեթերսպուկի մէջ (2016-ի Յունիս 20) ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրագործման անհրաժեշտութեան:

Ազրպէյճան ոչ միայն կը մերժէ այդ առաջարկները, այլեւ կը տապալէ որեւէ նախաձեռնութիւն, որ ուղղուած է ռազմական գործողութիւններու վերսկսման հնարաւորութեան բացառման: Աւելին, այս ողջ ժամանակահատուածին Ազրպէյճան չի հրաժարիր փորձերէ` տեղափոխել առճակատման տրամաբանութիւնը տնտեսութեան, մշակոյթի եւ նոյնիսկ մարդկային շփումներու բնագաւառներ:

Ցուցադրելով բանակցութիւններու միջոցով հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնելու ցանկութեան լիակատար բացակայութիւն` ազրպէյճանական իշխանութիւնները հերթական պատերազմ սանձազերծելով կը սպառնան: Հետեւողականօրէն բարձրացնելով լարուածութեան աստիճանը Արցախի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ եւ շարունակելով առճակատման ու թշնամանքի քաղաքականութիւնը` Պաքուն նպատակաուղղուած կերպով կը խորացնէ կողմերուն միջեւ անվստահութիւնը եւ կը ձգտի ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացը դարձնել սեփական ապակառուցողական քաղաքականութեան ու առաւելագոյն պահանջներու պատանդը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին