Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Ապրիլ 4-ին այցելած է Արցախա-ազրպէյճանական սահմանի շարք մը հատուածներ եւ ծանօթացած զինուորներու առօրեային ու տիրող իրավիճակին:
Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան հաղորդած տեղեկութիւններով՝ նոյն օրը, Հադրութի շրջանի Առաջամուղ գիւղին մէջ, Նախագահը մասնակցած է նորակառոյց առանձնատուներու բնակարանամուտի հանդիսաւոր արարողութեան:
Երկրի ղեկավարը երախտագիտութիւն յայտնած է «Թուֆէնքեան» հիմնադրամին եւ «Արցախ Ֆոնտ» կազմակերպութեան ԱՄՆ մասնաճիւղին՝ ծրագիրի իրականացման համար` նշելով անոր կարեւորութիւնը հասարակական-տնտեսական եւ քաղաքական տեսանկիւններէ:
Ձեռնարկին ներկայ եղած են վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան, պաշտօնատար այլ անձեր, ներկայացուցիչներ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն:






