Ապրիլ 4 լոյս 5-ին Արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ, հակառակորդը՝ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ՝ հրադադարը խախտած է 40 անգամ` հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 900 կրակոց:
ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդած տեղեկութիւններով` սահմանագիծի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ 60 միլիմեթրանոց ականանետ (3 արկ) եւ հաստոցաւոր ինքնաշխատ նռնականետ (10 արկ):
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը լիակատար վերահսկողութիւն կը պահպանեն առաջնագիծի վրայ եւ կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը:






