Ապրիլ 3 լոյս 4-ին Արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ, հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ՝ ներառեալ դիպուկահար հրացաններէ, հրադադարը խախտած է 60 անգամ` հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 900 կրակոց:
ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդած տեղեկութիւններով` ՊԲ առաջապահ զօրամասերը շարունակած են իրականացնել մարտական դիրքերու յուսալի պահպանութիւն` անհրաժեշտ պարագային դիմելով նաեւ պատասխան գործողութիւններու:






