Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու ծառայութեան խօսնակ Մայա Կոչիյանչիչ ըսած է, որ Ապրիլ 2-ին Հայաստանի մէջ կայացած Ազգային Ժողովի ընտրութիւնները կ’արտացոլեն ժողովուրդին կամքը:
«Միջազգային դիտորդական առաքելութեան նախնական գնահատականներու համաձայն, ընտրութիւնները լաւ կազմակերպուած էին եւ հիմնարար ազատութիւնները հիմնականօրէն յարգուած են: Սակայն ընտրութիւններուն վրայ ստուեր նետած են արժանահաւատ տեղեկութիւնները ընտրակաշառքի, քաղծառայողներու եւ մասնաւոր ընկերութիւններու աշխատակիցներու վրայ ճնշումներու մասին, որ ազդած է ընտրական գործընթացի հանդէպ մարդոց վստահութեան վրայ: Այդուհանդերձ, ընտրութիւններու արդիւնքները կ՛արտացոլեն ժողովուրդի ընդհանուր կամքը», – ըսած է Մայա Կոչիյանչիչ:
«Եւրոպական Միութիւնը հաւատարիմ է կայուն, ժողովրդավարական եւ բարգաւաճ ապագայի կերտման Հայաստանի համար: Ընտրական գործընթացը աւարտած է, եւ մենք մտադիր ենք աշխատելու ժողովրդավարական կերպով ընտրուած Ազգային Ժողովի եւ Կառավարութեան հետ` մեր քաղաքական երկխօսութիւնը ամրապնդելու եւ վերջերս նախաստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի հիման վրայ տնտեսական եւ ընկերային բարեփոխումներուն աջակցելու համար», – ըսած է ԵՄ արտաքին յարաբերութիւններու ծառայութեան խօսնակը:






