Հինգշաբթի, 18. 09. 2025

spot_img

Պոլսոյ Պատրիարքի Ընտրութեան Հարցը Թնճուկի Վերածուած Է

Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին առջեւ, կուսակալութեան կողմէ դրուած արգելքը Շաբաթ օրուընէ ի վեր քաոսային նոր վիճակ ստեղծած է համայնքէն ներս։

Արդարեւ, ըստ պոլսահայ «Մարմարա»-ի հաղորդած տեղեկուիւններուն, կուսակալութիւնը անվաւեր կը նկատէ տեղապահի ընտրութիւնը, քանի որ այդ ընտրութեան, նաեւ անկէ առաջուան կարգ մը քայլերուն մասին պատշաճ տեղեկութիւն չէր տրուած պետութեան։ Կուսակալութիւնը կը պնդէ, որ ասիկա եկեղեցւոյ գործերուն միջամտել չէ, այլ՝ «պետական ակնկալութիւններու յիշեցում»։ Արդիւնքն այն էր, սակայն, որ վնասուած է եկեղեցւոյ, Եկեղեցական ժողովին, Կրօնական ժողովին եւ այլոց արժանապատուութիւնը։

Գարեգին արք. Պէքճեան, որ արդէն իսկ շատ դժուար պաշտօն մը ստանձնած էր տեղապահ ընտրուելով, այժմ առաւել դժուար կացութեան մը առջեւ կը գտնուի։ Ան քանի մը օրուան համար Գերմանիա գացած էր, իսկ այժմ Պոլիս վերադարձած է, շփման մէջ մտնելու համար հոգեւորականներուն ու աշխարհականներուն հետ։

Միւս կողմէ, Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու նամակով մը յիշեցուցած է նախագահին այն խոստումը, ըստ որուն՝ պատրիարքական ընտրութեան հարցը պիտի լուծուի հանրաքուէէն ետք։ Շիրինօղլու կը յայտնէ, թէ սխալ գործուած է, երբ աճապարանքով կատարուած է տեղապահական ընտրութիւնը, եւ այժմ պէտք է համբերութեամբ սպասել հանրաքուէի աւարտին։ Նամակին ամէնէն կարեւոր մասը այն է, որ Շիրինօղլու, ցաւ յայտնելով հանդերձ, Պէքճեան սրբազանին կը թելադրէ, որ հրաժարի տեղապահի պաշտօնէն։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին