Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կ’առաջարկէ Եւրոպական Դատարանին Արագացնել Սիսի Դատին Ընթացքը

Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանին գրաւոր հայց ներկայացնելով, Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին իրաւական յանձնախումբը յիշեալ դատարանէն պահանջեց՝

Առաջին, 7 Դեկտեմբեր 2016-ին իրեն ներկայացուած Սիսի Կաթողիկոսարանի դատական թղթածրարը Թուրքիոյ դատարանին չյղել, նկատի ունենալով՝ Թուրքիայէն ներս պարզուած անորոշ վիճակը, դատական-իրաւական օրէնքներուն խախտումը, ապօրէն վերաբերումը դատաւորներու ու փաստաբաններու նկատմամբ, եւ ընդհանրապէս տիրող բռնատիրական կացութիւնը։ Արդարեւ, մտահոգիչ կացութիւն մը, որուն նկատմամբ, ինչպէս կը յիշեցնէ իրաւական յանձնախումբի հայցը, Եւրոպայի Խորհուրդի Մարդկային Իրաւանց Յանձնաժողովի ներկայացուցիչը, 15 Փետրուարին, եւ Վենետիկի Յանձնաժողովը, 13 Մարտին, իրենց մտավախութիւնը յայտնած էին, բազմաթիւ այլ երկիրներու ու կազմակերպութիւններու շարքին։

Երկրորդ, իրաւական յանձնախումբը նաեւ կ’առաջարկէ արագացնել Սիսի Կաթողիկոսարանի դատավարութիւնը Եւրոպական Դատարանի 61-րդ յօդուածին համաձայն. նկատի ունենալով Թուրքիոյ կողմէ անոր մերժումը, ինչպէս նաեւ դատին ներկայացուցած կարեւորութիւնը հայ եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին համար։

Յայտնենք, որ իրաւական յանձնախումբը Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ մօտէն կը հետեւի Սիսի դատին առնչուած աշխատանքներուն։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին