Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Պաստառը Սան Ֆրանսիսքոյի Կամուրջին Վրայ

Յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով՝ հայկական համայնքը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին պաստառ կը տեղադրէ Սան Ֆրանսիսքոյի հանրայայտ կամուրջին վրայ:

Պաստառին վրայ գրուած է «Հայոց Ցեղասպանութիւն 1915», նաեւ կայ յղում GenocideEducation.org կայքին։ Այս մասին կը յայտնէ nbcbayarea.com-ը:

Երեսուն հազար հաշուող հայկական համայնքը վճարած է պաստառին համար, որ ամբողջ Ապրիլի ընթացքին փակցուած պիտի մնայ կամուրջին մօտ: «Լաւ է, որ մարդիկ պիտի կարենան տեսնել պաստառը ամբողջ Ապրիլի ընթացքին, քանի որ անոր միջոցով մենք կը բարձրացնենք իրազեկումը ու հետաքրքրութիւն կ’առաջացնենք` մեր նպատակին հասնելու համար: Մենք կ’ուզենք, որ մարդիկ այցելեն մեր կայքը ու իմանան մեր պատմութեան մասին»,- յայտնած է հայկական համայնքի ներկայացուցիչ Գիմ Պարտաքեան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին