Հինգշաբթի, 29. 01. 2026

spot_img

Հայաստանի Ընտրութիւնները Կ’արտացոլեն Ժողովուրդի Կամքը. ԵՄ

Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու ծառայութեան խօսնակ Մայա Կոչիյանչիչ ըսած է, որ Ապրիլ 2-ին Հայաստանի մէջ կայացած Ազգային Ժողովի ընտրութիւնները կ’արտացոլեն ժողովուրդին կամքը:

«Միջազգային դիտորդական առաքելութեան նախնական գնահատականներու համաձայն, ընտրութիւնները լաւ կազմակերպուած էին եւ հիմնարար ազատութիւնները հիմնականօրէն յարգուած են: Սակայն ընտրութիւններուն վրայ ստուեր նետած են  արժանահաւատ տեղեկութիւնները ընտրակաշառքի, քաղծառայողներու եւ մասնաւոր ընկերութիւններու աշխատակիցներու վրայ ճնշումներու մասին, որ ազդած է ընտրական գործընթացի հանդէպ մարդոց վստահութեան վրայ: Այդուհանդերձ, ընտրութիւններու արդիւնքները կ՛արտացոլեն ժողովուրդի ընդհանուր կամքը», – ըսած է Մայա Կոչիյանչիչ:

«Եւրոպական Միութիւնը հաւատարիմ է կայուն, ժողովրդավարական եւ բարգաւաճ ապագայի կերտման Հայաստանի համար: Ընտրական գործընթացը աւարտած է, եւ մենք մտադիր ենք աշխատելու ժողովրդավարական կերպով ընտրուած Ազգային Ժողովի եւ Կառավարութեան հետ` մեր քաղաքական երկխօսութիւնը ամրապնդելու եւ վերջերս նախաստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի հիման վրայ տնտեսական եւ ընկերային բարեփոխումներուն աջակցելու համար», – ըսած  է ԵՄ արտաքին յարաբերութիւններու ծառայութեան խօսնակը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին