*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Երէկ երեկոյեան, երբ խմբագրատան գրասենեակիս մէջ նստած ըներային համացանցի էջեր կը «թերթատէի», վերի նկարին հանդիպեցայ, որ ցնցեց զիս:
Նկարին մէջի անմեղ աղջնակը իրաքցի գաղթական մանուկ մըն է, որ ակամայ փախած է իր տունէն, որ բռնուած էր իրաքեան բանակի եւ իսլամական զինեալներու կրակին տակ..:
«Մերօրեայ Մոնալիզան է», ըսաւ մեր աշխատակիցներէն մին: Իրաւունք ունի, կարծեմ: Ի՜նչ անմեղ եւ ցաւոտ է անոր ժպիտը, երբ խեղճ աղջնակը արցունքներուն մէջէն կը փորձէ ժպտալ զինք նկարել փորձող լրագրողին…:
Ի՞նչ է այս աղջնակին յանցանքը: Այս դժոխային շրջանին մէջ ծնած ըլլալու անբախտութիւ՞նը:
Աստուած իմ, ի՜նչ անարդարութիւն է սա: Ի՞նչ ապագայ կը սպասէ արեւելեան այս անիծուած կողմն աշխարհի ապրող այս աղջնակին եւ իր հասակակիցներուն:
Չեմ գիտեր ինչո՞ւ այս նկարը յիշեցուց զիս դար մը առաջ նոյն վայրերուն մէջ անպատասխան լացող մեր ժողովուրդի անմեղ զաւակները… որոնց միակ յանցանքը հայ ծնած ըլլալն էր:
Ո՞ւր էր միջազգային ընտանիքը: Ո՞ւր է միջազգային ընտանիքը այսօր: Վերջապէս ո՞ւր է Աստուած եւ ի՞նչ կը սպասէ միջամտելու…:






