Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Լիբանանեան Ընկերութիւնը Հայաստանի Մէջ Ձեռնարկութիւն Հիմնելու Մտադրութիւն Ունի

40 տարուան պատմութիւն ունեցող լիբանանեան MEPTICO ընկերութիւնը, որ այսօր իր արտադրանքը կ’արտահանէ ափրիկեան, եւրոպական եւ արաբական աւելի քան 35 երկիր, մտադիր է ձեռնարկութիւն հիմնել Հայաստանի մէջ եւ արտադրանքը արտահանել ԵԱՏՄ շուկայ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումային նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն:

Նախօրէին նախարար Սուրէն Կարայեան ընդունած է լիբանանեան MEPTICO եւ Երեւանի մէջ գործող Ice House  ընկերութեան ներկայացուցիչները: MEPTICO ընկերութեան ներկայացուցիչները նախարարին ծանօթացուցած են ընկերութեան գործունէութեան` ներկայացնելով արտադրութեան տեսականին` հիւթեր եւ աղանդներու փոշիներ, խմորեղէնի խառնուրդներ, մածուկներ:

Համեմատական ծառայութիւններ մատուցող Ice House ընկերութեան ներկայացուցիչը, իր հերթին, համառօտ կերպով տեղեկացուցած է Հայաստանի եւ շարք մը այլ երկիրներու մէջ, ներառեալ Ռուսիոյ, ընկերութեան գործունէութեան մասին եւ պատրաստակամութիւն յայտնած համագործակցելու լիբանանեան ընկերութեան հետ` կազմակերպելով վերջինիս արտադրանքին իրացումը ՌԴ շուկային մէջ յայտնի առեւտրական ցանցերուն միջոցով:

Սուրէն Կարայեան ողջունած է գործարարներուն մտադրութիւնը եւ վստահեցուցած, որ նախարարութիւնը պատրաստ է ուղղորդելու եւ աջակցելու իրենց` ներկայացուած գաղափարը իրականացնելու համար:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին