Հինգշաբթի, 18. 09. 2025

spot_img

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Տօնին Առիթով Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Կը Հրաւիրէ Մեր Ժողովուրդի Զաւակները Իրենց Կեանքը Հաւատքի Ուխտագնացութեան Վերածելու

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Անթիլիասի Ուխտի Օր»ուան շրջագիծէն ներս, Շաբաթ` 1 Ապրիլ 2017-ին, նախագահութեամբ` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հսկումի հոգեպարար արարողութիւն՝ մասնակցութեամբ միաբան հայրերուն, դպրեվանեցիներուն եւ ուխտաւոր ժողովուրդին:

Հսկումի արարողութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը հոգեւոր խորհրդածութիւն մը կատարեց, որու ընթացքին հակիրճ գիծերով անդրադարձաւ երեք մտածումներու.-

ա) Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ սրբութիւնը աստուածային պարգեւ մըն է տրուած մարդուն, զոր մարդ իր կեանքի վարքագիծով պէտք է գործնապէս արժեւորէ իր կեանքին մէջ։ Յատկանշական է այն երեւոյթը, որ մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, պատմութեան ընթացքին, ժողովուրդը ի՛նք որպէս կենդանի եկեղեցի անձը կը սրբացնէ եւ յետոյ միայն եկեղեցւոյ իշխանութիւնը կանոնական կերպով կը սրբադասէ։ Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը օրինակներ տուաւ հայոց պատմութենէն եւ վերջին օրինակը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն նահատակները։

բ) Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ «լուսաւորիչ» բառին։ Ան ըսաւ, թէ Գրիգոր Լուսաւորիչ ո՛չ միայն իր ապրած շրջանին Հայաստանը լուսաւորեց ու անցաւ յաւիտենականութեան գիրկը, այլ ան հայոց պատմութեան գալիք խաւար դարերը իր պայծառ ներկայութեամբ լուսաւորեց ու դարձաւ ճառագայթող լոյսը հայ ժողովուրդի պատմութեան։

գ) Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ անդրադարձաւ ուխտագնացութեան իմաստին։ Ան շեշտեց ուխտագնացութեան կարեւորութիւնը իբրեւ հաւատքի ու հաւատարմութեան արտայայտութիւն։ Եկեղեցին դէպի Քրիստոսի երկրորդ գալուստը ընթացող ուխտագնացութիւն մըն է, եւ եկեղեցւոյ անդամ ըլլալ կը նշանակէ մասնակից դառնալ այդ ուխտագնացութեան։ Եկեղեցւոյ ու սուրբերու ուխտի օրերը առիթներ են մեզմէ իւրաքանչիւրին վերանորոգելու մեր հաւատքի ուխտագնացութիւնը։

Յայտնենք, որ մեր եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն, ինչպէս բոլոր ուխտագնացութիւններու պարագային, Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ եւս ուխտի եկած հաւատացեալներ գիշերեցին եկեղեցւոյ մէջ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին