Մարտ 29-ին Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ եւ Հայկազեան համալսարանի կազմակերպմամբ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լիբանանի Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին նուիրուած քննարկում:
Ձեռնարկին կը մասնակցէին ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վեր. Փոլ Հայտոսթեան, Հայաստանի մէջ Լիբանանի նախկին դեսպաններ Սաատ Զախիա (1997-99) եւ Կապրիէլ Ժըարա (2003-2011): Ներկայ էին կրօնական, դիւանագիտական, ակադեմիական շրջանակներու ներկայացուցիչներ:
Հայկազեան համալասարանի նախագահ Վեր. Փոլ Հայտոսթեան իր ելոյթին ընթացքին անդրադարձաւ դիւանագիտութեան մէջ տարբեր գործօններու` քաղաքակրթական, ազգային-մշակութային, տարբեր դերակատարներու շահերու համընկնումի փոխյարաբերակցութեան եւ անոնց հիման վրայ արդիւնաւէտ յարաբերութիւններու զարգացման: Վեր. Հայտոսթեան գոհունակութեամբ նշեց, որ 1992-93թթ. կրթաշրջանին Հայկազեան Համալսարանին մէջ ուսանած խումբ մը դիւանագէտներ այսօր կարեւոր պաշտօններ կը զբաղեցնեն ՀՀ պետական կառոյցներու մէջ:
Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան նախ արժեւորեց Հայաստանի եւ Լիբանանի` իբրեւ երկու անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւններու, վերջին քսանհինգ տարիներու յարաբերութիւնները: Դեսպանը` յղում կատարելով երկու ժողովուրդներու դարաւոր առնչութիւններուն, Լիբանանի հայ համայնքի ակնառու դերակատարութեան, մասնաւորապէս անդրադարձաւ վերջին երկու տասնամեակներու ընթացքին պետական բարձաստիճան պաշտօնեաներու փոխադարձ այցերուն, քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, գիտական բնագաւառներու մէջ փոխշահաւէտ համագործակցութեան: Դեսպան Մկրտչեան կարեւոր համարեց երկու երկիրներուն համագործակցութիւնը միջազգային հարթակներու վրայ, որ հիմնուած է արժէքային մօտեցումներու վրայ: Ան նշեց, որ արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալպանտեան եւ Ճպրան Պասիլ միասին 2015-ին մասնակցած են Միջին եւ Մերձաւոր Արեւելքի կրօնական փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան նուիրուած Ժընեւի միջազգային համաժողովին: Դեսպանը ընդգծեց, որ քաղաքական համագործակցութեան բնագաւառին մէջ առկայ փոխադարձ վստահութեան շնորհիւ՝ երկու բարեկամ պետութիւնները միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ մշտապէս կ’աջակցին իրար:
Իր ելոյթին ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործող Լիբանանի Հանրապետութեան առաջին դեսպան Սաատ Զախիա նկարագրեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Լիբանանի դեսպանատան հաստատման առաջին քայլերը` իբրեւ 10-րդ երկիր ՀՀ անկախացումէն ետք: Ուշագրաւ էր նաեւ դեսպան Կապրիէլ Ժըարայի ելոյթը: Ան դրուագներ ներկայացուց ՀՀ-ի մէջ իր իննամեայ պաշտօնավարութեան շրջանէն, անդրադարձաւ լիբանանեան եւ սփիւռքահայ ներդրումներուն, վերյիշեց իր շփումները Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի հետ: Գ. Ժըարա շեշտեց, որ երկու երկիրներու սերտ կապերուն շնորհիւ՝ վերջին 25 տարիներուն ընթացքին՝ լիբանանցի եւ հայ ժողովուրդները կրցան ստեղծել համագործակցութեան ամուր հիմքեր, որոնք հիմնուած են հարուստ մշակոյթներու հանդէպ փոխադարձ յարգանքի վրայ:
Քննարկման մասնակիցները արձանագրեցին, որ Հայաստանն ու Լիբանանը ունին փոխըմբռնման եւ բարեկամութեան դարաւոր կապեր, որոնք կարելի է առաւել զարգացնել եւ զօրացնել: