Մարտ 30 լոյս 31-ին Արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ, հակառակորդը՝ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ՝ հրադադարը խախտած է շուրջ 60 անգամ` հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 850 կրակոց:
ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը` անհրաժեշտ պարագային դիմելով նաեւ պատասխան գործողութիւններու:






