Հինգշաբթի, 29. 01. 2026

spot_img

Պարտաւոր Ենք Պատրաստ Ըլլալ Իրադարձութիւններու Որեւէ Զարգացման. Վիգէն Սարգսեան`ԼՂ Հակամարտութեան Մասին

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին համար պայքարի տիպիկ օրինակ է:

Ռուսական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու  հետ հանդիպման մը ընթացքին, ըստ 1in.am–ի, այս մասին ըսած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան:

«Խօսքը ժողովուրդին մասին է, որ ստիպուած էր այդ իրաւունքը հաստատել զէնքով, քանի որ անոր պարտադրուած էր պատերազմը: Այդ ժողովուրդը 1990-ականներուն կարողացած է  այդպէս ընել շատ անհաւասար պայքարի իբրեւ արդիւնք, իսկ անկէ ետք կրցած է կառուցել պետական կառավարման արդիւնաւէտ համակարգ` ժողովրդավարական համակարգ, ուր պարբերաբար կ’իրականացուին ընտրութիւններ, կը ձեւաւորուի խորհրդարան, կ’ընտրուի նախագահ, ունի սեփական դատական համակարգ,  տնտեսական զարգացման հայեցակարգ»,- նշած է Սարգսեան:

Ան աւելցուցած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը՝ զինադադարի կնքման 24 տարիներուն ընթացքին՝ ամբողջովին իրականացուցած է բոլոր կառուցակազմերը, որոնք անհրաժեշտ են պետութիւնը ճանչնալու համար: «Այդ չճանչցուած հանրապետութեան մէջ ամբողջ սերունդ մը մեծցած է այն գաղափարով, որ իրենք կ’ապրին գերիշխան պետութեան մէջ, որ կ’ընդունի իր որոշումները: Չկայ գործընթաց մը, որ կրնայ անոնց հակառակը համոզել»,- ըսած է նախարարը:

Վիգէն Սարգսեան ընդգծած է, որ հայկական կողմը միշտ բաց է հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւններուն համար: «Մենք աշխուժօրէն կը մասնակցինք բանակցութիւններուն, բայց կը համարենք, որ լուծման ճանապարհ գտնելու փնտռտուքները ուղիղ կապ ունին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ճանչնալու եւ զայն յարգելու հետ: Բոլոր մնացած հարցերը, որոնք գոյութիւն ունին այս ծիրէն ներս, ածանցեալ են հիմնական խնդիրին: Անոնք պէտք է կարգաւորուին` հաշուի առնելով Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին անվտանգութիւնը եւ ազատ զարգացման իրաւունքը»,- ըսած է նախարարը:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը ցաւով նկատած է, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին գործադրած ջանքերը պարբերաբար կը ձախողին Ազրպէյճանի պատճառով, որ միտուած չէ հակամարտութեան լուծման փնտռտուքներուն: «Ազրպէյճանը մշտապէս կը ձգձգէ հակամարտութեան լուծումը` աւելցնելով սպառազինութիւնը, տարածելով հայատեաց հռետորաբանութիւն բոլոր մակարդակներով: Ատելութեան այդպիսի մակարդակով, անշուշտ,  ղարաբաղեան հարցով սեփական հասարակութեան  պատրաստել փոխզիջումային լուծման ուղղակի անհնար է: Եւ մենք շատ լաւ կը հասկնանք, որ շատ դժուար է համադրել բացարձակապէս իրարմէ տարբերող կառավարման համակարգերը, որոնք գոյութիւն ունին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի մէջ: Մենք պիտի չյոգնինք հակամարտութեան խաղաղ լուծման հասնելու աշխատանքէն, բայց մենք պարտաւոր ենք պատրաստ ըլլալու իրադարձութիւններու ցանկացած զարգացման, որովհետեւ, իմ գնահատականով, Ազրպէյճանի մէջ ամբողջովին կը բացակայի քաղաքացիական եւ ժողովրդավարական վերահսկողութիւնը զինուած ուժերուն նկատմամբ: Իսկ ատիկա կը նշանակէ, որ մարտական գործողութիւններու վերսկսման հաւանականութիւնը հակամարտութեան գօտիին մէջ կարելի է գնահատել 0-էն մինչեւ 100 տոկոս»,- ընդգծած է Սարգսեան:

Ան յոյս յայտնած է, որ Պաքուի մէջ լաւ կը հասկնան, որ  որեւէ լարուածութիւն կրնայ յանգեցնել լայնածաւալ պատերազմի, որ կրնայ քաոս առաջացնել, իսկ այդպէս հակամարտութիւնը հաստատ չի լուծուիր, քանի որ անիկա ռազմական լուծում չունի: «Ասիկա շատ յստակ է, հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ խնդիրը յօրինուած չէ, անիկա իրական է ու անհնար է պատկերացնել, որ այնտեղ ապրող մարդիկ կրնան նահանջել իրենց երկրին մէջ սեփական օրէնքներով ապրելու իրաւունքէն»,- եզրափակած է Վիգէն Սարգսեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին