Հինգշաբթի, 29. 01. 2026

spot_img

Չինաստան Կը Քննէ Հայաստանէն Մեղր Ներածելու Հնարաւորութիւնը

Չինաստանի սննդամթերքի անվտանգութեան ոլորտի լիազօր մարմինի պատուիրակութիւնը կը գտնուի Հայաստան, ուր կը քննարկէ մեղր ներածելու հնարաւորութիւնը:

Ըստ News.am-ի՝ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան սննդամթերքի անվտանգութեան պետական ծառայութեան պետ Իշխան Կարապետեան ընդունած է Չինաստանի պատուիրակութիւնը՝ սննդամթերքի անվտանգութեան վերահսկողութեան վարչութեան պետի տեղակալ Խինֆա Տուի գլխաւորութեամբ:

Չինաստանի պատուիրակութեան այցը կը հետապնդէ հայկական մեղրի եւ մեղուաբուծական մթերքի արտադրութեան պայմաններուն ու որակին ծանօթանալու նպատակը՝ հեռանկար ունենալով կազմակերպել անոնց Չինաստան ներածումը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին