Մարտ 29 լոյս 30-ին Արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ, հակառակորդը՝ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ՝ ներառեալ դիպուկահար հրացաններէ՝ հրադադարը խախտած է շուրջ 50 անգամ` հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 500 կրակոց:
Ազրպէյճանական զինուժը դիպուկահար հրացաններէ առաւել շատ կրակ բացած է սահմանագիծի հարաւարեւելեան եւ արեւելեան հատուածներուն վրայ` արձակելով 86 կրակոց:
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը հակառակորդի նախայարձակ աշխուժութիւնը ճնշելու համար դիմած են պատասխան գործողութիւններու եւ շարունակած վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն:






