Հինգշաբթի, 29. 01. 2026

spot_img

Արցախը Զանազանութիւն կը Մտցնէ Զբօսաշրջութեան Ոլորտին Մէջ

Արցախը զանազանութիւն կը մտցնէ զբօսաշրջութեան ոլորտնի մէջ. կրօնական ուղղութիւնը զարգացնելէ բացի, զարկ կը տրուի զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ պատմամշակութային վայրերը իբրեւ զբօսաշրջային արդիւնք ներկայացնելու գործընթացին:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ Արցախի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան ծրագրերու կառավարիչ Իննա Սիմոնեան նշած է, որ վերջին տարիներուն այդ ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքը կու տայ է իր արդիւնքը: Այսօր համապատասխան ենթակառուցուածքներ ունեցող բազմաթիւ պատմամշակութային վայրեր կ’ունենան զբօսաշրջային մեծ հոսք:

«Որեւէ յայտնի պատմաշակութային վայր` ըլլայ Գանձասարը, Տիգրանակերտը, Ամարասը, տարուան ընթացքին կ’ընդունի բաւական մեծ թիւով զբօսաշրջիկներու հոսք: Եթէ հինգ տարի առաջ ունէինք մասնաւորապէս կրօնական ուղղուածութեան յուշարձաններ՝ եկեղեցիներ, վանքեր, ուր կ’այցելէին զբօսաշրջիկներ, այսօր, սակայն, Արցախի մէջ զբօսաշրջային արդիւնքը բաւական զանազանեցուած է: Տիգրանակերտի պետական պատմամշակութային արգելոցին մէջ, Տողի մելիքական ապարանքին մէջ, Հունոտի կիրճին եւ այլ վայրերու մէջ ստեղծուած են  բարենպաստ պայմաններ, կան համապատասխան ենթակառուցուածքներ, կ’իրականցուին բարեկարգման աշխատանքներ, որ կը նպաստէ զբօսաշրջիկներու այցին»,- ըսած է ան:

Պատմամշակութային վայրերը զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ իբրեւ առանձին արդիւնք ներկայացնելու համար՝ այս տարի նախատեսուած է զգալի աշխատանք: Արցախի շարք մը պատմամշակութային վայրերու մէջ ենթակառուցուածքներու զարգացման համար նախատեսուած են ծրագիրներ, հաստատուած  Արցախի կառավարութեան կողմէ:

2017 թուականին կառավարութեան հաստատած ծրագիրին ծիրէն ներս պիտի իրականացուին Տող գիւղի պալատական համալիրի եւ շրջակայ տարածքի վերականգման ու բարեկարգման աշխատանքներ: Ուշադրութեան կիզակէտ պիտի ըլլան նաեւ Տումի գիւղի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ վերականգնման, ինչպէս նաեւ Ասկերանի բերդի պահպանման աշխատանքները: Միաժամանակ պիտի կատարուին յուշարձաններու մաքրման, անոնց տարածքներու բարեկարգման եւ կազմակերպման աշխատանքներ: Իննա Սիմոնեան տեղեկացուցած է, որ Ասկերանի բերդի պահպանման աշխատանքները արդէն ընթացքի մէջ են:

2016 թուականէն ի վեր յուշարձաններու վերականգնման ոլորտին մէջ աշխատանքներ տարուած են Տող գիւղին մէջ` «Տողի մելիքական ապարանք» պետական պատմամշակութային արգելոցի տարածքին եւ Ասկերանի բերդին մէջ:

Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի միջնորդութեամբ եւ բարերարներու միջոցներով վերականգնուած են Շահումեանի շրջանի Դադիվանքի շրջակայքը գտնուող 4 մատուռներէն 2-ը, իսկ միւս մատուռներու եւ Դադիվանքի գլխաւոր մուտքի վերականգնման աշխատանքները կը շարունակուին եւ աւարտին պիտի հասցուին 2017 թուականին:

Իննա Սիմոնեան նշած է, որ իրենց ուշադրութեան կեդրոնին է նաեւ բնութեան վայրերու զբօսաշրջութեան զարգացման հարցը: Այդ նպատակով կը շարունակուի համագործակցութիւնը «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» հիմնադրամին հետ: Խնդիր դրուած է բարենպաստ պայմաններ ապահովել ներդրողներու համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին