Հինգշաբթի, 29. 01. 2026

spot_img

Հայաստան Բարձր Կը Գնահատէ Արցախի Հարցի Կարգաւորման Գործին Միացեալ Նահանգներու Կարեւոր Դերը

Մարտ 28-ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մէջ, Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ դիւանագաիտական յարաբերութիւններու հաստատման քսանհինգամեակին առիթով բացուած ցուցահանդէսին ընթացքին՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան յայտարարեց, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կարեւոր դերը: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

«Մենք բարձր ենք գնահատում այն կարեւոր դերը, որ Միացեալ Նահանգները՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահ, խաղում է ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործում: Հաւատացած եմ, որ եռանախագահ երկրների հետ համատեղ ջանքերով մեզ կը յաջողուի տարածաշրջանում կայուն խաղաղութիւն հաստատել», շեշտեց Նալպանտեան:

Ցուցահանդէսի բացման ներկայ էին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարութիւնը, հայաստանեան տարբեր գերատեսչութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, Ամերիկայի դեսպանութեան անձնակազմը:

Նալպանտեան մեծապէս գնահատեց Միացեալ նահանգներու մարդասիրական օգնութիւնները. մանաւանդ անկախութեան առաջին դժուար տարիներուն: Յետագային, Միացեալ Նահանգները շարունակած է աջակցիլ Հայաստանւի զարգացման ծրագիրներուն:

Նալպանհեան նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ ամերիկահայութեան ներդրումներուն:

«Խօսելով հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնների քառորդդարեայ պատմութեան մասին՝ չեմ կարող նաեւ երախտագիտութեամբ չյիշել այն էական ներդրումը, որը դրանցում ունեցել են ամերիկահայութեան ներկայացուցիչները: Մեր կապերի որակն ու էութիւնը շատ աւելի թերի կը լինէին առանց այն հազարաւոր կամուրջների, որոնցով մեր հայրենակիցներն իրար են կապել մեր երկու երկրները», յայտարարեց Նալպանտեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին