Հինգշաբթի, 29. 01. 2026

spot_img

Արցախի Նախագահը Սահմանադրական Բարեփոխումներու Գործընթացին Վերաբերեալ Խորհրդակցութիւն Անցուցած է

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Մարտ 29–ին հրաւիրած է ընդլայնուած խորհրդակցութիւն` սահմանադրական բարեփոխումներու իրականացման գործընթացին վերաբերեալ: Իր ելոյթին մէջ Բակօ Սահակեան նշած է, որ բարեփոխումները պետական համակարգէն կը պահանջեն մեծածաւալ, համակարգուած, երկարատեւ, աշխոյժ եւ նպատակասլաց աշխատանք: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Երկրի ղեկավարը շեշտած է, որ սահմանադրական բարեփոխումներու յաջող իրականացման գրաւականը բոլոր շահագրգիռ եւ պատասխանատու անձերուն գիտակցուած վերաբերմունքն է իրենց առջեւ դրուած խնդիրներու լուծման, փոխգործակցուած եւ փոխհամաձայնեցուած աշխատանքը, ջանքերու առաւելագոյնս ներդրումը, համոզում յայտնելով, որ պիտի տարուի արդիւնաւէտ աշխատանք եւ հնարաւոր ամէն ինչ պիտի կատարուի՝ սահմանադրական բարեփոխումներու իրականացման ապահովման եւ Սահմանադրութեան կենսագործման ուղղութեամբ:

Խորհրդակցութեան մասնակցած են Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանը, օրէնսդիր, գործադիր, դատական թեւերու ներկայացուցիչները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին