17 Մարտին, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) Նիւ-Եորք-Նիւ Ճըրզիի Արմենական-Յովսէփեան մասնաճիւղի եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Նիւ Ճըրզիի «Դրօ» կոմիտէի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ կլոր սեղան-խմբային քննարկում` «Քառօրեայ պատերազմը եւ անոր հետեւանքները» խորագիրով:
Քննարկման, որ տեղի ունեցաւ Սրբոց Վարդանանց Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ սրահէն ներս, ներկայացուեցան Արցախի հիմնահարցի դիւանագիտական լուծման, անվտանգութեան եւ խաղաղ բանակցութիւններու հեռանկարները: Ձեռնարկին ներկայ էր համայնքի աւելի քան 200 անդամներ:
Քննարկումը վարեց Նիւ Ճըրզիի Հայկական ռատիոժամի տնօրէն, ՌԱԿ-ի անդամ ընկ. Վարդան Ապտոն: Մասնակիցներն էին՝ Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռուբէն Մելիքեանը, Հայաստանի մէջ ԱՄՆ նախկին դեսպան Ճոն Էվընսը, ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամի հոգաբարձու Անդրանիկ Գասպարեանը եւ ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը:
«Այսօրուան ձեռնարկը ճիշդ ժամանակին է, որովհետեւ, անկախ անկէ, որ կը մօտենանք ապրիլեան պատերազմի միամեակին, վերջին շաբաթներուն անգամ մը եւս ականատես եղանք թշնամիին կողմէ նոր սադրանքներու, որոնք տեղիք տուին Արցախի, անոր կենսունակութեան, անվտանգութեան եւ ընթացող բանակցութիւններուն շուրջ հարցերու», համայնքի ղեկավար Ճէյմս Սահակեան ըսաւ իր ողջոյնի խօսքին մէջ: «Այս հիմնահարցին շուրջ քննարկման հրաւիրուած հիւրերը, Արցախի հետ կապուած հարցերու լայն փորձ ունեցող լաւագոյն փորձագէտներն են», որմէ ետք ան բեմ հրաւիրեց քննարկումը վարող ընկ. Վարդան Ապտոն:
Նախքան մասնակիցները ներկայացնելը, Ընկ. Ապտօ գնահատեց երկու քաղաքական կուսակցութիւնները` ՀՅԴ-ն եւ ՌԱԿ-ը, միասնաբար նման կարեւոր ձեռնարկ մը կազմակերպելուն համար:
Օրուան առաջին բանախօսը՝ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռուբէն Մելիքեան, բացատրեց, որ իր աշխատանքը, ի տարբերութիւն այլ Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններուն, կը կեդրոնանայ նաեւ 2016-ի ապրիլեան պատերազմի իրադարձութիւններուն վրայ, իբրեւ մարդու իրաւունքներու հիմնական հարց: Ան նշեց, որ վերջերս իրականացուած հարցախոյզին իբրեւ արդիւնք, պարզուած է որ Արցախի ժողովուրդին հիմնական մտահոգութիւնը անվտանգութեան հարցն է:
Մելիքեան ներկայացուց ապրիլեան պատերազմի մասին իր հաղորդագրութիւնը, որ կ’ընդգրկէ խաղաղ բնակչութեան եւ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի ծառայողներուն դէմ գործուած պատերազմական յանցագործութիւնները, եւ Ազրպէյճանի կողմէ սնուցուող հայատեացութեան գաղափարը, որ ինչպէս ան բնութագրեց՝ «Թշնամիին կողմէ թէժ կերպով վարուող քաղաքականութիւն է»:
Մելիքեան յիշեց ազրպէյճանական բանակի սպայ, ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովին օրինակը, որ 2004-ին դատապարտուեցաւ հայկական բանակի սպայ Գուրգէն Մարգարեանի կացնահարութեան մեղադրանքով, որ կատարած էր Պուտափէսթի մէջ, ՆԱԹՕ-ի հովանաւորութեամբ իրականացուած վերապատրաստման սեմինարին ընթացքին: Ան նշեց, որ Սաֆարովին իբրեւ հերոս ընդունուիլը Ազրպէյճանի կողմէ, յստակ օրինակ է անոր հայատեացութեան:
Մելիքեան, այնուհետեւ, նկարագրեց իր հաղորդագրութեան հրապարակման գործընթացը, որ կը ներառէ հարցազրոյցներ, փորձագէտներու խորհրդակցութիւններ եւ բաց աղբիւրներու ուսումնասիրութիւններ: Ան օրինակներ ներկայացուց Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած խոշտանգումներուն, զլխատումներուն՝ մանրամասն նշելով անոնց տեղի ունեցած վայրերը: «Ոճիրները կը թուին մահապատիժներ ըլլալ, անոնք սպաննուեցան պարզապէս հայ ըլլալնուն համար»,- ըսաւ Մելիքեան:
Հայաստանի մէջ ԱՄՆ նախկին դեսպան Ճոն Էվընս` Ապրիլ 2016-ի դէպքերը նկարագրեց իբրեւ «պատերազմի օրէնքներու յստակ խախտում», նշելով, որ երեւելի էր նոյնիսկ ցեղասպանութիւն գործելու մտադրութիւն: Ան բացատրեց, թէ ինչպէս Արցախի հակամարտութիւնը յանգեցուց 25,000-30,000 զոհի եւ նշեց, որ մարդկային վնասները տակաւին կը շարունակուին՝ հակառակ 1994-ին ձեռք բերուած հրադադարի համաձայնութեան:
«Ակնյայտ է, որ ազրպէյճանցիները, հակառակ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի բանակցութիւններուն մասնակցելու հանգամանքին, չեն հրաժարած Արցախը ուժով գրաւելու միտքէն»,- ըսաւ Էվընս, աւելցնելով, որ «յստակ կ’երեւի, որ անոնց երբեք չի հետաքրքրեր ժողովուրդն ու անոր բարօրութիւնը, այլ միայն՝ լեռներն ու հողերը»:
Էվընս հաստատեց, որ Մելիքեանի աշխատանքը կ’օգնէ բարելաւելու Արցախի համբաւը: Ան նշեց, թէ ինչպէ՛ս երկրի յատկութիւնները կարեւոր են Արցախի նման պետութեան մը համար, ապացուցելու իր պետականութիւնը եւ Արցախի իշխանութիւնները իսկապէս մեծ աշխատանք տարած են այս առումով:
«Այսօր, պարզ է, որ առաջնային խնդիրը Արցախի պաշտպանութիւնն է. սա կը նշանակէ, պաշտպանել՝ ոչ միայն խօսքով կամ հասարակական յարաբերութիւններով, այլ՝ ուժով »,- ըսաւ Էվընս:
«Ղարաբաղը, Ազրպէյճանի ղեկավարութեան համար կը դիտուի իբրեւ մրցանակ- կռուախնձոր »,- ըսաւ ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամի հոգաբարձու Անդրանիկ Գասպարեան: «Հայերու, մասնաւորապէս Արցախի բնակիչներուն համար, Արցախը անոնց օճախն է, տունը, ամէն ինչը»,- աւելցուց ան:
Գասպարեան, մասնաւորապէս, քննարկեց Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսքի խումբի աշխատանքը, եւ ցոյց տուաւ, թէ ինչպէս անոնց աշխատելաոճը յանգեցուց «դանդաղ» եւ «սառ» հակամարտութեան: Ան նաեւ նշեց տարածաշրջանին մէջ Ռուսիոյ դերակատարութիւնը եւ անոր կողմէ ներկայ իրավիճակը մշտապէս իբրեւ լծակ օգտագործուիլը: «Բան մը սկսաւ փոխուիլ, եւ մենք այդ մէկը տեսանք ապրիլեան պատերազմին»,- ըսաւ Գասպարեան: «Ազրպէյճանը թէժացուց ռազմական իրավիճակը եւ բազմիցս վերազինուեցաւ, քարիւղէն ստացած եկամուտներու միջոցաւ»:
Գասպարեան բացատրեց, թէ ինչպէս Ազրպէյճան տեղափոխեց իր հռետորաբանութիւնը, հակահայկականութենէն եւ ազգայնականութենէն՝ ցեղապաշտութեան եւ հայատեացութեան:
«Ժամանակի ընթացքին դժուար պիտի ըլլայ Ազրպէյճանին՝ հայերու հանդէպ այս մակարդակի պատրաստուածութիւն եւ թշնամութիւն պահպանել»,- ըսաւ Գասպարեան, աւելցնելով, «Դժուար պիտի ըլլայ վերագրաւել Ղարաբաղը՝ առանց ատելութիւն սերմանելու ժողովուրդին մէջ»:
Քննարկելով ապրիլեան պատերազմի առաւելութիւններն ու թերութիւնները, Գասպարեան պարզաբանեց , որ Սփիւռքը պէտք է ազդու կերպով ներդրումներ կատարէ Ղարաբաղի մէջ, յատկապէս ենթակառուցուածքային եւ վերաբնակեցման ծրագիրներու ուղղութեամբ: Ան շեշտեց Լաչինի եւ Քելբաջարի (Քարվաճառ) ազատագրուած տարածքներուն կարեւորութիւնը՝ նկատի ունենալով որ անոնք են Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը միաւորողը: «Առանց այդ տարածքներուն, Ղարաբաղը կը դառնայ ազրպէյճանով շրջապատուած կղզի»,- ըսաւ Գասպարեան: «Այդ տարածքներու (Լաչին, Քելբաջար) վերաբնակեցումը՝ մեր հողերու պահպանումը երաշխաւորելու լաւագոյն միջոցն է »,- եզրափակեց ան:
Վերջին բանախօսը՝ ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, նոյնպէս խօսեցաւ ազրպէյճանական իշխանութիւններու հակահայ տրամադրութիւններուն մասին: Ան համաձայն գտնուեցաւ Գասպարեանի այն միտքին, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնը պատերազմը կը շահագործէ իր ժողովուրդը միաւորելու՝ հայերու դէմ, այն ժամանակ, երբ երկիրը ներքին հարցերէ կը տառապի:
Աւետիսեան բացատրեց, որ միջազգային դատապարտման պակասը այլ կարեւոր խնդիր մըն է, որուն պէտք է անդրադառնալ: Իր խօսքին մէջ, ան ներկայացուց հակամարտութեան վերաբերեալ Արցախի հիմնական մտահոգութիւնները, որոնց շարքին է, զինամթերքի անվերահսկելի վաճառքը. «Մենք դէմ ենք ամէն տեսակի յարձակողական զէնքի վաճառքի, որոնք կը կատարուին առանց որեւէ միջազգային վերահսկողութեան»,- ըսաւ Աւետիսեան: Այնուհետեւ, ան ընդգծեց, որ բանակցութիւնները շարունակելու համար հետեւողական ջանքերը կարեւոր են եւ այն պէտք է տեղի ունենայ Արցախի մասնակցութեամբ:
Երեկոյի աւարտին, ներկաներուն առիթ տրուեցաւ հարցեր ուղղելու փորձագէտներուն, որոնք առանձնապէս կեդրոնացան Արցախի հիմնահարցի լուծման մէջ Սփիւռքի ունենալիք դերին վրայ: