Շաբաթ, 28. 06. 2025

spot_img

Մասնակցութեամբ Լիբանանահայ-Լիբանանցի Գեղանկարչական «Քառեակ»-ին՝ Գարունը Աւետող Յատկանշական Ցուցահանդէս «ԵՈՒՆԵՍՔՕ»-ի Մէջ

*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*

Լիբանանեան չքնաղ գարունը իր բազմերանգ պարգեւներով ներկայացուած էին անցնող Մարտ 20-21-ին տեղի ունեցած գեղանկարչական փառաւոր ցուցահանդէսին՝ Պէյրութի կեդրոնը գտնուող «ԵՈՒՆԵՍՔՕ»-ի պալատին մէջ։ Խմբային այս գեղարուեստի իրադարձութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին յայտնի արուեստագէտ-արուեստագիտուհիներ՝ Հրաչ Այնթապլեան, Րանա Քեսրուանի, Լէյլա Սաատ, որ ծնունդով Սլովաքիայէն է, ինչպէս նաեւ Րուլա Ազրաք։

facebook_1490173322211

Այս յատկանշական ցուցահանդէսին ներկայացուած ստեղծագործութիւնները բազմազան էին, ինչպէս բնապատկերներ լիբանանեան, թէ Սուրիա-Քեսապի բնապատկերներ՝ ուրախ ու գունազարդ՝ գեղանկարիչ Հրաչ Այնթապլեանի վրձինին պատկանող, նոյնպէս «Սլովաքիական» ու դարձեալ լիբանանեան բնութենէն ու գարնան կանաչութեան մէջ «թաղուած» բնապատկերներ՝ Լէյլա Սաատի ստեղծագործութեամբ։ Մինչ Րուլա Ազրաք խորհրդապաշտ դպրոցին պատկանող պաստառներ ներկայացուցած էր գեղարուեստի սիրահար այցելուներուն, ապա եւ գեղանկարչուհի-դերասանուհի Րանա Քեսրուանիի ստեղծագործութիւնը «աւանկարտիստ» էին, համարձակ գոյներով, որոնք զուարթ տրամադրութիւն կը շողարձակէին բոլորին…։

Հակառակ լիբանանեան եւ տարածաշրջանային բարդ քաղաքական կացութեան՝ շնորհաւորելի է գեղարուեստի այսպիսի նախաձեռնութիւններու յաճախականութիւնը, մասնաւորաբար յուսատու գարնան այսպիսի օրերուն, որոնք շրջապատի մտահոգիչ իրադարձութիւններով բեռնաւորուած արուեստասէրին աւելի լաւ վաղուան եւ ապագայի յոյսեր կը ներշնչէ։

Կը շնորհաւորենք ցուցահանդէսին կազմակերպիչներն ու մասնակիցները՝ մաղթելով, որ խաղաղութիւնն ու բարգաւաճումը յարատեւ ըլլայ մարդկային քաղաքակրթութեան օրրան Լիբանանի մէջ։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին