Հինգշաբթի, 29. 01. 2026

spot_img

ԱՄՆ-ը Հայաստանին 400 Հազար Տոլար Արժող Հրշէջ Սարքեր Տրամադրած է

ԱՄՆ Զինուած ուժերու մարդասիրական աջակցութեան հարցերով եւրոպական հրամանատարութեան ծրագիրին ծիրէն ներս, Մարտ 28-ին, Մասիսի մէջ տեղի ունեցած է նոր համազգեստ եւ հրդեհը մարելու համար նախատեսուած սարքեր յանձնելու պաշտօնական արարողութիւնը:

Ձեռնարկին մասնակցած են արտակարգ իրավիճակներու նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, ԱՄՆ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռիչըրտ Միլզ եւ ամերիկեան կիսաբաժնի զօրահրամանատար, զօրավար Տաունէ Տեսքինս: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը։

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռիչըրտ Միլզ նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կ’ուզէ շնորհակալութիւն յայտնել հանրապետութեան փրկարարներու եւ արագ արձագանգման խումբերուն` ծառայութեան անոնց նուիրուածութեան համար: «Ընդգծելով ձեր հրշէջներու մասնագիտութիւնը եւ նուիրուածութիւնը` ԱՄՆ կառավարութիւնը կ’ուզէ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան յանձնել սարքեր, որ նախատեսուած են մարդկային կեանքերը փրկելու համար: Մարդասիրական աջակցութեան ծրագիրին ծիրէն ներս՝ մենք փոխանցած ենք 400 հազար տոլար արժող սարքեր, որոնք նախատեսուած են չորս կայաններու` Մեղրիի, Սիսիանի, Արտաշատի եւ Մասիսի համար: Այս սարքերը հրշէջներու եւ փրկարարներու հնարաւորութիւնները պիտի ընդլայնեն անոնց աշխատանքի աւելի արդիւնաւէտ իրականացման տեսակէտէն` միաժամանակ ապահովելով անոնց անվտանգութեան երաշխիքները»,- ընդգծած է Միլզ:

Մասիսի քաղաքապետ Դաւիթ Համբարձումեան շնորհակալութիւն յայտնած է այս մեծ օգնութեան համար: «Համոզուած եմ, որ այս սարքերուն շնորհիւ ժամանակի ընթացքին պիտի փրկուին բազմաթիւ կեանքեր»,- աւելցուցած է ան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին