Հինգշաբթի, 18. 09. 2025

spot_img

Ազգային Վարժարաններու Աշակերտներու Միօրեայ Հոգեւոր Սեմինար

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ 2017-ն «Վերանորոգումի տարի» հռչակումին առիթով, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի կրօնական ժողովին եւ մասնակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի ազգային վարժարաններու 6-րդ, 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններէն 65 աշակերտներու, շաբաթ, 25 մարտ 2017-ին, Ճիւնիի Ս․ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ միօրեայ սեմինար։

Յայտագիրը սկսաւ առաւօտեան ժամերգութեամբ եւ Արժնապատիւ Տ․ Միքայէլ Քհնյ․ Տէմիրճեանի կողմէ Ս․ Գիրքի սերտողութեամբ, որմէ ետք ժամը 10։20-ին եկեղեցւոյ սրահին մէջ թեմի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու պրն․ Րաֆֆի Տէմիրճեան կատարեց սեմինարի պաշտօնական բացումը։ Պրն․ Տէմիրճեան շեշտեց, որ նմանօրինակ հաւաքներ մեծապէս կը նպաստեն եկեղեցի-աշակերտ կապերու ամրապնդման եւ զարգացման։

Ապա Հոգշ․ Տ․ Նշան Վրդ․ Լախոյեան ներկայացուց «Հայ աշակերտին ծառայութիւնը ի սպաս եկեղեցիին եւ ազգին» նիւթը։ Հայր Սուրբը յայտնեց, որ ծառայութիւնը նուիրական աշխատանք է, որ տեղի կ’ունենայ առանց փոխադարձ ակնկալութիւններու։

Կարճ դադարէ մը ետք, ժամը 11։30-ին Արժանապատիւ Տ․ Խաչիկ Ա․ Քհնյ․ Միսիրեան խօսեցաւ եկեղեցի-աշակերտ փոխադարձ յարաբերութիւններուն եւ պարտաւորութիւններուն մասին, որմէ ետք Արժանապատիւ Տ․ Սարգիս Քհնյ․ Սարգիսեան ներկայացուց խմբային աշխատանքներու հինգ խումբերուն նիւթերը՝ ծառայութիւն ազգին, եկեղեցիին, հայապահպանման, մշակոյթին եւ դատին։  Թեմաներուն շուրջ տեղի ունեցան քննարկումներ աշակերտներուն հետ։ Ապա խումբերը առանձնաբար պատրաստեցին իրենց զեկուցումները։

Ժամը 2։30-ին Ճաշի ընդմիջումին յաջորդեց խումբերու աշխատանքներուն ներկայացումները։ Աշակերտները խումբ առ խումբ բծախնդրութեամբ եւ մեծ հետաքրութեամբ շեշտեցին ծառայութեան կարեւորութիւնը եւ վերանորոգուելուն անհրաժեշտութիւնը՝ պահպանելու դարաւար ժառանութիւնը եւ շարունակելու եկեղեցւոյ եւ ազգին առաքելութիւնը։

Աւարտին, Տ․ Սարգիս Քհնյ․ Սարգիսեան յոյս յայտնեց, որ աշակերտները յառաջիկայ օրերուն առաւել եւս կ’առնչուին եկեղեցական եւ ազգային կեանքին՝ հոգեւոր եւ ազգային նիւթերուն շուրջ ցուցաբերելով առաւել հետաքրքրութիւն, լրջութիւն եւ մասնակցութիւն։ Սեմինարը փակուեցաւ յետմիջօրէի ժամը 4։00-ին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին