Հինգշաբթի, 29. 01. 2026

spot_img

The Culture Trip-ը Հայաստանը Ներառած է Աշխարհի Հնագոյն Երկիրներու Շարքի

The Culture Trip կայքը Հայաստանը ներառած աշխարհի հնագոյն երկիրներու եւ ազգերու շարքին: The Culture Trip-ը, ըստ Yerkirmedia.am-ի, կը գրէ, որ Հայաստանը յայտնի է իր մեծ Սփիւռքով:

Կայքը կը նշէ, որ հայերը այդ տարածքին մէջ կը բնակին արդէն շուրջ 2600 տարի, իսկ հայերու մասին առաջին յիշատակումները կը հանդիպին Ք.Ա. 6-րդ դարուն:

«Երեւանը` Հայաստանի մայրաքաղաքը, հիմնադրուած է Ք.Ա. 782 թուականին: Հայերը նաեւ առաջինն էին, որ 301 թուականին ընդունեցին քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն, եւ երկիրը այսօր խստօրէն հաւատարիմ կը մնայ Հայկական առաքելական եկեղեցիին»,- կը գրէ The Culture Trip-ը: Կայքը կը նշէ նաեւ, որ 1915-1916 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն դէմ ցեղասպանութիւն իրականացած է:

Հայաստանէն բացի աշխարհի ամենահին ազգերու եւ երկիրներու շարքին յայտնուած են Յունաստանը, Չինաստանը, Փորթուկալը, Ֆրանսան, Ճափոնը, Իրանը, Սան Մարինոն, Եթովպիան ու Եգիպտոսը:

Նշենք, որ The Culture Trip կայքը գրասենեակներ ունի Լոնտոնի, Նիւ Եորքի եւ Թել Աւիւի մէջ: Անիկա ամսական ունի աւելի քան հինգ միլիոն այցելու, հասարակական ցանցերու մէջ՝ շուրջ 1.5 միլիոն հետեւորդ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին