ՀՀ Վարչապետ Կարէն Կարապետեան, երէկ, ժամը 14:00-ին, կառավարութեան շէնքին մէջ, հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի մէջ ապրող սուրիահայերու հետ:
Հանդիպման ներկայ էին մեծ թիւով սուրիահայեր, որոնց ողջունեց ՀՀ վարչապետը՝ առաջարկելով լսել անոնց հարցերը եւ պատասխաններ տալ անոնց։
Վարչապետը իր խօսքին մէջ գնահատեց Հայաստան դարձած սփիւռքահայերը՝ շեշտելով, որ անոնք նոր որակ բերին Հայաստանին, յատկապէս սպասարկման ոլորտէն ներս։
Սուրիահայերը շնորհակալութիւն յայտնեցին հանդիպումը կազմակերպելու համար եւ ներկայացուցին որոշ առաջարկներ, ինչպէս՝ փոքր եւ միջին գործարարութեան հաստատման, գիւղատնտեսութեան, բնակարանաշինութեան վերաբերեալ։
Սուրիահայ ուսանողները, իրենց հերթին, շնորհակալութիւն յայտնեցին ՀՀ կառավարութեան, իրենց ուսման վարձավճարներու 50%-ը վճարելուն համար։






