ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան, Մարտ 27-ին, ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իգոր Պոպովը, Ստեֆան Վիսկոնտին, Ռիչըրտ Հոգլանտը եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասպշիկը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:
Համանախագահները ներկայացուցած են Պաքուի մէջ ունեցած հանդիպումները:
Քննարկուած են ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացը առաջ մղելուն ուղղուած քայլերը, շեշտուած է Վիեննայի եւ Ս. Փեթերզպուրկի գագաթաժողովներուն կայացած որոշումներու իրագործման անհրաժեշտութիւնը:






