Մարտ 26 լոյս 27-ին Արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ, հակառակորդը՝ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ՝ հրադադարը խախտած է շուրջ 40 անգամ` հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 340 կրակոց:
ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդած տեղեկութիւններով` ՊԲ առաջապահ զօրամասերը լիակատար վերահսկողութիւն կը պահպանեն առաջնագիծի վրայ եւ կը շարունակեն իրականացնել մարտական դիրքերու յուսալի պահպանութիւն:






