Հինգշաբթի, 29. 01. 2026

spot_img

Պարտադիր Ժամկէտային Զինծառայողները Իրենց Կամքով Կրնան Ներգրաւուիլ Պայմանագրային Ծառայութեան Մէջ

Հայաստանի մէջ պարտադիր ժամկէտային զինծառայութեան ենթակաները, իրենց կամքով, պիտի ստանան պայմանագրային զինուորական ծառայութեան մէջ ներգրաւուելու հնարաւորութիւն։

Հնարաւորութիւնը սահմանուած է Հայաստանի մէջ պայմանագրային զինծառայութեան հնարաւորութիւններու ընդլայնման վերաբերեալ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան նոր ծրագիրով: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտնած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն` մեկնաբանելով նախարար Վիգէն Սարգսեանի յայտարարութիւնը, որ նախարարութիւնը աւարտին հասցուցած է ծրագիր մը, որմով կը նախատեսուի ընդլայնել պայմանագրային զինծառայութեան հնարաւորութիւնները:

Ծրագրի ներդրման նպատակն է զարգացնել պայմանագրային զինծառայութեան համակարգը, ստեղծել աւելի արհեստավարժ բանակ եւ աւելցնել  մարտական հերթապահութեան գործընթացին մէջ պայմանագրային զինծառայողներու ներգրաւուածութիւնը:

«Զինծառայողներու դրամական ապահովութեան չափերը կը սահմանուին համապատասխան տարուան պետական պիւտճէի եւ միջնաժամկէտ ծախսային ծրագրի հնարաւորութիւններուն ծիրէն ներս»,- ըսած  են նախարարութենէն՝ անդրադառնալով այն հարցին, թէ ծրագրի ներդրումը կ’ենթադրէ՞ պայմանագրային զինծառայողներու աշխատավարձերու բարձրացում։

«Մենք այժմ աւարտական փուլին կը հասցնենք պայմանագրային ծառայութեան հնարաւորութիւնները ընդլայնելուն վերաբերեալ ծրագիրը, որ, վստահ եմ, մեծ ոգեւորութեամբ պիտի ընդունուի մեր հասարակութեան կողմէն»,- նշած է Վիգէն Սարգսեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին