Հինգշաբթի, 29. 01. 2026

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան Առնչուող Հարցում` Քըլըճտարօղլուին

Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու սահմանադրական փոփոխութեանց հանրաքուէի ընտրարշաւին ընթացքին այցելած է Տենիզլի, որուն Չարտաք գիւղաքաղաքի սրճարաններէն մէկուն մէջ զրոյց ունեցած է տեղացիներու հետ: Այս մասին կը հաղորդէ պոլսահայ «Մարմարա» թերթը՝ նշելով, որ տեղացիներէն մէկը անակնկալ հարցում մը ուղղած է Քըլըճտարօղլուին` ուզելով գիտնալ, թէ Գերմանիոյ մէջ Քըլըճտարօղլու ինչո՞ւ սեղմած էր ձեռքը Կանաչներու կուսակցութեան համանախագահ Ճեմ Էօզտեմիրին, որ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Քըլըճտարօղլու պատասխանած է, որ ատիկա շատոնց տեղի ունեցած դէպք է, իսկ Ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք` ինք Էօզտեմիրին հետ կապ չէ ունեցած: «Չեմ հասկնա՛ր. ինչո՞ւ, ի՞նչ նպատակով այս հարցումը կ՛ուղղէք ինծի», աւելցուցած է Քըլըճտարօղլու: Մամուլը կը հաղորդէ, որ տեղացիները այդ հարցումէն ետք սրճարանէն դուրս հանած են հարցում ուղղողը, որուն անունը չէ հրապարակուած:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին