Հինգշաբթի, 29. 01. 2026

spot_img

Կարօ Ճղըլեանի Մահուան տարելիցին

*ԳԷՈՐԳ ՍԱՆԹՈՒՐԵԱՆ* 

 Տարի մը ամբողջ անցաւ արդէն… Կարo Ճղըլեանի անակնկալ ու անվերադարձ մեկնումէն:

Եռանդով ու աշխուժութեամբ, խինդով ու բարութեամբ յորդառատ սիրտը մեր սիրելի Կարոյին, յանկարծ դադրեցաւ բաբախելէ:

Անցաւոր կեանքը այս աշխարhի վրայ երկար չեղաւ, բայց իր նախաձեռնող աշխատունակութեամբ և լաւագոյնին ու կատարելագոյնին ձգտելու մարմաջով,  յաջողեցաւ իր գործի ասպարէզին մէջ, իր նկարագրի բազմակողմանի բարեմասնութիւններով  սիրուեցաւ ու յարգուեցաւ բոլորէն:Առօրեայ իր գործի պատասխանատուութիւններու կողքին, ան ամբողջական առումով, իր ծնողացը հոգատար որդին էր. բոլոր հանգրուաններուն ալ: Գուրգուրացող հայրը եղաւ իր ընտանիքին ու զաւակներուն, իր կողակիցին՝ Սեդային հետ միասին հիացմունք առթող ընտանեկան  բոյն մը կազմեցին:

Այս բոլորին զուգահեռ, կեանքը սիրող ու վայելող մեր Կարօն, հասարակական, ազգային ու միութենական մարզերու մէջ ալ նուիրեալ գործիչն ու տեսիլքի տէր ղեկավարը եղաւ: Զինք մօտէն  չճանչցողը պիտի ըսէ.«բայց այս բոլորը ինչպէ՞ս կրնար համադրել…»: Այո՛, Կարօն ձեռնհասօրէն կրցաւ այս բոլորը իրականացնել, իր շրջապատին հիացմունքն ու յարգանքը վայելելով:

Դժուար է հաշտուիլ այսպիսի արժանիքներու տէր անձնաւորութեան մը անժամանակ կորուստին հետ:

Մխիթարա՞նք, իր արժանաւոր զաւակները՝ Անին ու Յակոբը, որոնք իրենց մօր՝ սիրելի Սեդային գլխաւորութեամբը, կը շարունակեն, եւ պիտի շարունակեն ճանապարհը:

 

Բայց գիտես Կարօ, մենք ալ մեր կարգին անվերադարձ մեկնումիդ մեր սփոփումը կը փորձենք փնտռել, ամէն անգամ որ քեզ կը յիշենք, եւ յաճախ կը պատահի այդ մէկը, երբ դժուար կացութեան մը դէմ յանդիման կը գնուինք և կամ վճռորոշ քայլ մը առնելու հարկադրանքի առջեւ կ’ըլլանք:Մենք մեզի հարց կու տանք՝ Կարօն հիմա եթէ հոս  ըլլար… ի՞նչ պիտի ըսէր:

Բարեբախտաբար քեզմէ ժառանգուած աւանդը, արժանիքներով ու առաքինութիւններով բեղուն, մեզի օգնութեան կը հասնին…

 

Յիշատակդ անթառամ պիտի մնայ, եւ գործդ պիտի շարունակուի…

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին