Այս տարի նորածիններուն աւելի յաճախ տրուող անուններն են տղաներու պարագային Դաւիթ, աղջիկներուն՝ Մարի:
Ըստ Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան միասնական վիճակագրական շտեմարանին, 216 տղու տրուած է Դաւիթ անունը, 177 տղու` Նարեկ, 131 տղու` Հայկ, որոնց կը յաջորդեն Գոռ եւ Տիգրան անունները:
Աղջիկներու պարագային ամէնէն շատ տարածուած անունը Մարի է, որ տրուած է 163 երեխայի, չնչին տարբերութեամբ կը յաջորդէ Մարիան, որով կնքուած է 162 երեխայ, 161 երեխայի ալ տրուած է Մանէ անունը։ Անոնց կը յաջորդեն Նարէն, Մարիամը:
ՀՀ արդարադատութեան նախարարութեան միասնական վիճակագրական շտեմարանի տուեալներով այս տարի հանրապետութեան մէջ արձանագրուած է 7 հազար 720 կենդանի ծնունդ` ըստ ծննդեան վայրի:






