ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) հաղորդագրութիւն տարածած է ԼՂ պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Սամուէլ Բաբայեանի ձերբակալութեան վերաբերեալ` նշելով որ ան ձերբակալուած է Հայաստանի Հանրապետութիւն «Իգլա» տեսակի զենիթա-հրթիռային համալիր տեղափոխելու փաստի առթիւ յարուցուած քրէական գործի ընթացքին:
ԱԱԾ տարածած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի․ «Մաքսանենգ եղանակով Հայաստանի Հանրապետութիւն «Իգլա» տեսակի զենիթա-հրթիռային համալիր տեղափոխելու փաստի առթիւ յարուցուած քրէական գործի ծիրէն ներս այս պահուն ձերբակալուած են 3 անձ, որոնց մէջ` Հայաստանի քաղաքացի Սամուէլ Բաբայեանը:
«Կատարուած քննչական գործողութիւններու եւ հետախուզական միջոցառումներու արդիւնքով ստացուած արժանահաւատ տուեալներուն համաձայն՝ նշուած զենիթա-հրթիռային համալիրի բաղկացուցիչ մասերու ձեռքբերումը եւ փոխադրումը իրականացուցած անձիք գործած են Սամուէլ Բաբայեանի հետ ունեցած նախնական համաձայնութեամբ եւ անոր պատուերով:
«Ըստ փորձագէտի եզրակացութեան` զենիթա-հրթիռային համալիրի բաղադրիչ կազմող «9M39» մարտական հրթիռը պիտանի է յետագայ շահագործման համար եւ կը հանդիսանայ ռազմամթերք:
«Այժմ պէտք է պարզաբանուին զենիթա-հրթիռային համալիրի բաղկացուցիչ մասերու ձեռքբերման շարժառիթները, հնարաւոր օգտագործման նպատակները, ինչպէս նաեւ ֆինանսաւորման աղբիւրները:
Նախաքննութիւնը կը շարունակուի»։






