Շաբաթ, 28. 06. 2025

spot_img

Վարչապետը Կոչ Ըրած է Աշխոյժօրէն Գովազդելու Հայաստանը

Հայատսանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան կառավարութեան այսօրուան նիստին յանձնարարած է Հայաստանը իբրեւ զբօսաշրջային երկիր գովազդող հոլովակներ պատրաստել եւ տարածել, կը հաղորդէ «Մետիամաքս»-ը:

«Թեւե վերջին հինգ տարուան մէջ Հայաստանի ներգնայ այցելութիւններու տարեկան միջին աճը կազմած է շուրջ 9%` մեր երկիրը` որպէս զբօսաշրջային երկիր, թերագնահատուած է: Համոզուած եմ, որ Հայաստանը անհամեմատ աւելի մեծ ներուժ ունի»,- ըսած է վարչապետը:

ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարին յանձնարարուած է երկշաբաթեայ ժամկէտի մէջ ապահովել Հայաստանը որպէս զբօսաշրջային երկիր գովազդող նիւթերու մշակումն ու տարածումը` ներառեալ բարձրորակ հոլովակներու պատրաստումն ու անոնց միջազգային ընկերային ցանցերով ու լրատուամիջոցներով տարածումը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին