Ռուսիոյ մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներկայութեան 300-ամեակին նուիրուած շարք ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։
Ռուսիոյ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վարդան Տողանեանի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Մարտ 22-ին, Երեւան-Մոսկուան հեռուստակամուրջին` տարուան ընթացքին կը ծրագրուին մեծ արարողութիւններ: Ձեռնարկները ընթացք պիտի առնեն Աստրախանէն:
Կը ծրագրուին նաեւ մեծն նկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկի 200-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներ: