Հինգշաբթի, 29. 01. 2026

spot_img

ԼՂՀ Պաշտպանութեան Նախկին Նախարար Սամուէլ Բաբայեան Ձերբակալուած է

ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) հաղորդագրութիւն տարածած է ԼՂ պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Սամուէլ Բաբայեանի ձերբակալութեան վերաբերեալ` նշելով որ ան ձերբակալուած է Հայաստանի Հանրապետութիւն «Իգլա» տեսակի զենիթա-հրթիռային համալիր տեղափոխելու փաստի առթիւ յարուցուած քրէական գործի  ընթացքին:

ԱԱԾ տարածած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի․ «Մաքսանենգ եղանակով Հայաստանի Հանրապետութիւն «Իգլա» տեսակի զենիթա-հրթիռային համալիր տեղափոխելու փաստի առթիւ յարուցուած քրէական գործի ծիրէն ներս այս պահուն ձերբակալուած են 3 անձ, որոնց մէջ` Հայաստանի քաղաքացի Սամուէլ Բաբայեանը:

«Կատարուած քննչական գործողութիւններու եւ հետախուզական միջոցառումներու արդիւնքով ստացուած արժանահաւատ տուեալներուն համաձայն՝ նշուած զենիթա-հրթիռային համալիրի բաղկացուցիչ մասերու ձեռքբերումը եւ փոխադրումը իրականացուցած անձիք գործած են Սամուէլ Բաբայեանի հետ ունեցած նախնական համաձայնութեամբ եւ անոր պատուերով:

«Ըստ փորձագէտի եզրակացութեան` զենիթա-հրթիռային համալիրի բաղադրիչ կազմող «9M39» մարտական հրթիռը պիտանի է յետագայ շահագործման համար եւ կը հանդիսանայ ռազմամթերք:

«Այժմ պէտք է պարզաբանուին զենիթա-հրթիռային համալիրի բաղկացուցիչ մասերու ձեռքբերման շարժառիթները, հնարաւոր օգտագործման նպատակները, ինչպէս նաեւ ֆինանսաւորման աղբիւրները:

Նախաքննութիւնը կը շարունակուի»։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին