Երեւանի Աբովեան 1/1 հասցէի այսուհետեւ պիտի գործէ Տիկնիկներու պատկերասրահը: Մարտ 21-ին բացուած պատկերասրահին մէջ մշտապէս պիտի ցուցադրուին հայկական ծիսական, հնաոճ, խորհրդային տարիներու, թատերական, հեղինակային, յուշանուէրային տիկնիկներ, տիկնիկներ անուանի հայերու հաւաքածուներէն: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkirmedia.am-ը։
Ցուցադրութեան կարեւոր մաս կը կազմէ պատկերասրահի առաջին խոշոր նուիրատու Ալիս Նաւասարդեանի հաւաքածոն (շուրջ 200 տիկնիկ): Ընդհանուր առմամբ ներկայացուած է շուրջ 300 տիկնիկ:
«Պատկերասրահ, այսինքն, սրահ, ուր հաւաքուած են ոչ թէ տիկնիկներ, այլ՝ պատկերներ, կերպարներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր պատմութիւնը, հոգեբանութիւնը: Տիկնիկին պէտք է մօտենալ իբրեւ արուեստի գործ: Անիկա բազմաբնոյթ երեւոյթ է, մենք կը ներկայացնենք տիկնիկը իր բոլոր դրսեւորումներով: Այսօր տօն է, որովհետեւ Երեւանի մէջ վերջապէս բացուեցաւ այս պատկերասրահը»,- պարզաբանած է Մարինա Խաչմանուկեան:
Այստեղ պիտի իրականացուին կրթական, մշակութային, ժամանցային տարաբնոյթ ծրագիրներ: Պատկերասրահին գաղափարը իրականութիւն դարձուցած մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան համոզուած է, որ անիկա պիտի դառնայ քաղաքին գոյն ու տրամադրութիւն հաղորդող ամենասիրուած անկիւններէն մէկը:
«Թանգարանային ոլորտին մէջ ասիկա առաջին համագործակցութիւնն է մասնաւոր ներդրողի հետ: Շուրջ 60 հազար ԱՄՆ տոլլարի մասնաւոր ներդրումը դեռ վերջնական չէ, անիկա պիտի շարունակուի: Ասիկա պետութիւն-մասնաւոր համագործակցութեան լաւագոյն օրինակը կրնայ դառնալ, թէ ինչպէս կարելի ունենալ թանգարան, որ ըլլայ ոչ միայն մեր քաղաքին գոյնը, զարդը, այլեւ ունենայ գործարարական ծրագիր` ինքնաբաւ ապրելու հնարաւորութեամբ»,- ըսած է նախարար Ամիրեան:
Պատկերասրահին իր նուէրը ըրած է նաեւ ՀՀ մշակոյթի նախարարը. արդէն այստեղ են նաեւ անոր մայրիկի` տիկին Սեդայի զոյգ տիկնիկները:
Շէնքը, որուն մէկ յարկաբաժինին մէջ տեղաւորուած է Տիկնիկներուն պատկերասրահը, կառուցուած է 1914 թուականին: Պատկանած է Տէր Աւետիքեաններու ազնուական տոհմին: 1921 թուականին, քանի մը ամիս, այստեղ ապրած է Յովհաննէս Թումանեանը:
Գաղափարի հեղինակ, տիկնիկներու պատկերասրահի գեղարուեստական ղեկավար Մարինա Խաչմանուկեանի խօսքով, շէնքը նշանաւոր է նաեւ անոր համար, որ անոր բակին մէջ ապրած է ապրիլեան պատերազմի հերոս Ադամ Սահակեանը:






