Կազմակերպութեամբ՝ Իրաքի Հայ տիկնանց մշակութային միութեան վարչութեան, Մարտ 17-ին, Պաղտատի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութեան ճաշարանին մէջ տեղի ունեցած է «Պազար» (ցուցահանդէս-վաճառք) նուիրուած գարնան եւ Ս. Զատկուան, որուն մասնակցած են իրաքահայ կանայք ներկայացնելով հայկական եւ իրաքեան բազմազան ձեռային աշխատանքներ եւ արտադրանքներ: ԻՀՏՄՄ վարչութիւնը պազարին մասնակցած էր իրաքեան՝ տեղական սեղանի սփռոցներով, եւ Հայաստանէն տարուած հայերէն գրութիւններով վերնաշապիկներով, հայկական ոճով կտորներէ պատրաստուած հացամաններով եւ կանանց դրամապանակներով: Պազարի սեղաններուն տեղադրուած էր կանանց զարդեղէն եւ Ս. Զատկուան յարմար ձեւաւորման զարդեր:
Ուտեստեղէնի սեղաններուն տեղադրուած էին խմորեղէններ եւ կարկանդակներ:
Հայերն այսօր-ին Նուշիկ Մելքոնեան ԻՀՏՄՄ վարչութենէն կը տեղեկացնէ, որ տիկնացի վարչութիւնը ձեռնարկը կազմակերպած է առանց որեւէ նիւթական ակնկալիքի, այլ պարզապէս ժողովուրդը ներգրաւելու եւ կապեր հաստատելու իրենց հետ: