Ուսուցչաց Տօնը, Հայ Աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան վարժարանէն ներս, վերածուեցաւ մի քանի տեսակ գնահատականներու դրսեւորումին: Աշակերտները, աւարտական 12-րդ կարգի իրենց ընկերներուն միջոցով, իրենց ուսուցիչներուն հանդէպ գնահատանք արտայայտեցին խօսքով, ծաղիկներով, երգով, նուագով եւ ասմունքով: Այսպէս՝ Աննա-Մարիա Գապաքեան կատարեց բացման խօսքը: Մելիսա Յակոբեան խօսեցաւ աշակերտներուն անունով եւ բարձր գնահատեց Հայ ուսուցիչին դերն զոհողութիւնը: Ճեսի եւ Լիւսի Աւետիսեան քոյրերը (ջութակ և դաշնակ ) ներկայացուցին «Սիրելի Ուսուցիչ» երգը: Նախակրթարանի 6-րդ կարգի ուսուցիչը դրուատող կտոր մը ասմունքեց և երգեց «Իմ Ուսուցիչ» երգը:
Յայտագիրը, որ նուիրուած էր վաստակաշատ հայերէնի վերջերս ԱՄՆ-ի մէջ մահացած վաստակաւոր ուսուցչուհի Տիկ. Զուարթ Աբէլեանին, ընդգրկեց երեք բաժին: Առաջինով Պրն. Յակոբ Հանտեան խօսք առաւ Տիկ.Աբէլան աշակերտած ուսանողներու անունով: Պրն. Հանտեան թուեց Տիկ. Աբէլեանի ե՛ւ որպէս մարդ ե՛ւ որպէս դաստիարակ-ուսուցիչ դրսեւորած առաքինութիւնները անոր տալով «ուսուցչամայր» տիտղոսը:
Երկրորդով Տիկ.Աբէլեանի եղբօր դուստրը՝ Տիկ. Անի Աբէլեան –Հոկլինտ ներկայացուց իր հօրաքրոջ կենսագրութիւնը, եւ ապա հրամցուց տեսանիւթէ մը բեկորներ, ուր Տիկ. Աբէլեան անգիր կ’ասմունքէր երկար կտորներ:
Երրորդ բաժինով Տնօրէնուհի Վ. Պալըգճեան յայտարարեց Տիկ. Զուարթ Աբէլեան գրական մրցանակի հիմնումը: Արուեստագիտուհի եւ հոգեբան Դոկտ. Անիթա Թութիկեան (1980ի շրջանաւարտ) հաստատեց տարեկան այս մրցանակը, որպէսզի շարունակուի աշակերտներ ներշնչելու, քաջալերելու և յառաջ մղելու ջանքը, որուն ձեռներէց վարպետուհին եղած է Տիկ. Զ. Աբէլեան՝ բնիկ Քէօրքիւնէցի հայ դաստիարակը: Յայտագիրը սկսելէ առաջ, կատարուեցաւ բացումը, նոր անունով, երկրորդական բաժնի գրադարանին, որ այս առիթով ունեցաւ կոչուեցաւ Զուարթ Աբէլեան Գրադարան:
Յայտագրի աւարտին ուսուցիչ, աշակերտ եւ ծնողք վայելեցին 12-րդ կարգի եւ Ծնողական յանձնախումբին պատրաստած հիւրասիրութիւնը:
Յիշատակը անթառամ Տիկ. Աբէլեանին եւ վարձքը կատար բոլոր կրթական հայ մշակներուն: