Մարտ 22 լոյս 23-ին Արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ հակառակորդը՝ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ՝ հրադադարը խախտած է աւելի քան 30 անգամ` հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով շուրջ 370 կրակոց:
ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդած տեղեկութիւններով` ՊԲ առաջապահ զօրամասերը լիակատար վերահսկողութիւն կը պահպանեն առաջնագծի վրայ եւ կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն:






